2013-12-21 08:55:42

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ` Արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի սուրբ Ծննդեան պատգամը։


Արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի սուրբ Ծննդեան պատգամը
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Սիրելիներս ի Քրիստոս՝ հայրեր, եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս օրերուն կ'ապրինք դժնդակ ժամանակներ... Աշխարհի վրայ ամենուրեք կը խօսուի ճգնաժամի մասին:
Շատ մը երկիրներու եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը օրնիբուն կ'ապրին հալածանք իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար: Ոմանք նոյնիսկ սպաննուեցան անողոք կերպով, ուրիշներ առեւանգուեցան եւ շատերն ալ տեղահան եղան ու կորսնցուցին ամէն բան...

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի երկիրները կ'անցնին տնտեսական անստոյգ ճգնաժամէ մը եւ օրէ օր կ'աւելնայ թիւը մարդոց որոնք ծանրօրէն կը զգան անոր հետեւանքները իրենց ընտանիքներուն եւ միջավայրին մէջ:
Նոյնիսկ ամէնօրեայ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մարդիկ՝ դրժելով ուրիշը, կը միտին մերժումի, անվստահութեան, յանդուգն դատողութեան եւ եսակեդրոն ըլլալու:

Սիրելիներս, Քրիստոսի Լոյսը այս Սուրբ Ծննդեան տօնին, մեզի՝ հաւատացեալներուս կը տրուի որպէսզի անորմով առաջնորդուած ապրինք աշխարհի այս դժնդակ ժամանակները եւ քաջութեամբ դիմագրաւենք մեր դիմաց կուտակուող մարտահրաւէրները:

Պետրոս Առաքեալը մեզի կոչ կ'ուղղէ «միշտ պատրաստ ըլլալու պատասխան տալու ամէն անոնց՝ որոնք կը հարցնեն մեր Յոյսի խօսքին մասին» (Ա. Պետրոս 3, 15): Որպէս քրիստոնեաներ պարտականութիւնն ունինք յարատեւօրէն իրականացնելու մեր վկայի դերը: Ճիշտ այս է մեր առաքելութիւնը ներկայ ժամանակներուն մէջ: Որովհետեւ մեր յոյսը կը դնենք Աստուծոյ վրայ եւ ոչ թէ այս աշխարհի ուժերուն, տնտեսական իրավիճակին կամ քաղաքականութեան վրայ, կարողութիւնն ունինք նուիրուելու համբերութեամբ եւ առանց յուսալքուելու արդարութեան եւ խաղաղութեան համար:

Յիսուս, Քրիստոսը, իր խոնարհ, պարզ ու աղքատիկ ծնունդովը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, եկաւ կիսելու մարդկութեան կեանքը, ուր կը շաղախուին ուրախութիւն եւ տրտմութիւն, անձկութիւն եւ յոյս: Անոր ներկայութեան ապահովութիւնը մեր մէջ կը սնուցանէ եւ կ'աճեցնէ յոյսը: Եւ, եթէ մեր յոյսը հիմնուած է «Աստուծոյ արքայութեան վրայ որ կու գայ», Ան կը դառնայ անսպառ աղբիւր մը ուժականութեան, հնարամտութեան, խանդի եւ սիրոյ դիմագրաւելու համար ապագայի մարտահրաւէրները:
Մաղթանքս է բոլորիդ որ ապրիք խաղաղ եւ յուսալի Ծննդեան տօն մը եւ թող որ եկող նոր տարին լուսաւորուի Բեթղեհէմի քարայրի Մանուկին աստուածային յոյսով:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

17 Դեկտեմբեր 2013

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի
Հայ Կաթողիկէ Թեմին








All the contents on this site are copyrighted ©.